Համագիւղական Հաւաք Ս. Ծննդեան Տօնին Առթիւ:
Կազմակերպութեամբ՝ Հ.Յ.Դ «Կարմիր Լեռ» կոմիտէի քարոզչական յանձնախումբին, Հինգշաբթի 5 Յունուար 2017-ի, կէս գիշերուայ ժամը 12:30-ին, Սուրբ Ծննդեան եկեղեցական արարողութենէն ետք, հոծ բազմութիւն մը ձեռքերնին բռնած մոմեր, առաջնորդութեամբ՝ «Սուրբ Պօղոս» եկեղեցւոյ հոգեւոր հայրերուն և դպրաց դասին, ուղղուեցան դէպի Այնճարի կեդրոնական հրապարակի կողքին գտնուող մսուր, ուր տեղի ունեցաւ Սուրբ Ծննդեան նուիրուած շարականներու երգեցողութիւն:
Ապա ժողովուրդը ուղղուեցաւ «Սարգիս Զէյթլեան» կեդրոնի շրջափակը, ուր անոնց հրամցուեցաւ տօնական խորհուրդը ներկայացնող հիւրասիրութիւն մը:
Աւանդական դարձած Թմբուկ-Զուռնայի կշռոյթներուն տակ, ժողովուրդը շուրջպար բռնած պարեց և իր խանդավառութիւնը արտայայտեց Սուրբ Ծննդեան տօնին առիթով:
Այնճարի Քաղաքապետ՝ Վարդգէս Խօշեան խօսք առնելով, շնորհաւորեց բոլոր ներկաները, անդրադառնալով թէ Նոր Տարին միշտ և ամէնուրէք եղած է անկիւնադարձային թուական:
Ան ըսաւ,- «Տօնական ցնծութիւններէ դուրս, նոր տարին նաեւ հաշուեյարդարի և հարցերու վերատեսութեան օր է: Ինչպէս նաեւ առկայ տուեալներու լոյսին տակ, ապագայի մասին նոր ծրագիրներ ու հեռանկարներ որոնելու ժամադրավայր: Նոր տարին կը դիմաւորենք նոր եռանդով, որովհետեւ միշտ ի մտի ունինք նոր մարտահրաւէրներու սպառնալիքները, որոնց դէմ կանգնելու համար, անհրաժեշտ է նաեւ տարին դիմաւորել և ապագային նայիլ յստակ ու նախագծուած տրամադրութեամբ»: Ան շարունակեց ըսելով որ, «Վերականգնենք մեր հաւատքը: Աստուծոյ, Հայրենիքի, Եկեղեցւոյ և Սիրոյ նկատմամբ, վերականգնենք մեր Յոյսը, լուսաւոր ապագայի և նորանոր յաջողութիւններ կերտելու հեռանկարով:
Ի վերջոյ, քաղաքապետը այս բարեբաստիկ հանդիսութեան առիթով, ամբողջ Այնճարցիներու անունով, բարեմաղթութիւնները փոխանցեց Ն.Ս.Օ.Տ.Տ Արամ Կաթողիկոսին, որ տօնական այս օրերուն, իր խիզախ յանդգնութեամբ կը գտնուի Հալէպ, այդ քաջարի ժողովուրդին չարչարանքները բաժնելու համար: Ապա նաեւ մեր գիւղի ու անոր սքանչելի հայորդիներուն ներկայանալով բարձրաձայն ու ճակատաբաց ըսաւ,-« թէ մենք, պիտի շարունակենք սիրայօժար ու բոլորանուէր կերպով մնալ ձեր կողքին, վերցնելով նախ ձեր դժուարութիւնները, ապա նաեւ ցնծալ ձեր նուաճումներով»:
Ապա, արաբերէն լեզուով խօսք առաւ Հ.Յ.Դ «Կարմիր Լեռ» կոմիտէի քարոզչական յանձնախումբէն՝ Թովմաս Հերկելեանը, ուր ան ողջունեց բոլոր հայրենակիցները, և շնորհակալութեան խօսք մաղթեց Հ.Յ.Դ «Կարմիր Լեռ» կոմիտէին, Այնճարի քաղաքապետութեան և MTV պատկերասփիւռի կայանին, որ ներկայ էր և կը նկարահանէր տօնական այս հանդիսութիւնը:
Ներկայ բոլոր հայրենակիցները իրարու բարեմաղթութիւններ փոխանցելով մեկնեցան:



